Փոքրիկ

Websites and Online Courses
Language:
Արմ
Categories:
Description

ՓՈՔՐԻԿ հէքեաթարանին գլխաւոր նպատակը, համացանցի օժանդակութեամբ, արեւմտահայերէնով՝ կարդալու եւ լսելու առիթ մը եւս ստեղծել է մեր երախաներուն: Մեր ամենամեծ փափաքն է, որ փոքրիկը արդիական գործիքներու մէջ տեսնէ ու լսէ իր մայրենիով հէքեաթներ, ու հաստատէ աւելի ջերմ եւ մտերիմ զգացում մը անոր հանդէպ: Ա՛ն հայերէնի հետ յարաբերութեան մէջ ըլլայ կարդալով եւ լսելով: Եւ այդ յարաբերութիւնը իրեն օգնէ՝, թէ իր հայեցի դաստիարակութեան եւ թէ առօրեայ հայերէնին:
 
Այս կայքէջին համար ճոխ յայտագիր մը պատրաստել ջանացինք, ուր  գտնուին՝ հայկական ժողովրդական հէքեաթներ, համաշխարհային մանկական գրականութեան դասականներ, ժամանակակից հէքեաթներ եւ գծաժապաւէնի հերոսներու հէքեաթներ:
 
Մասնաւոր կարեւորութիւն ցոյց տուինք՝ Հայ գրականութեան նշանաւոր դէմքերուն եւ անշուշտ անոնց  գործերուն, որոնք են՝ հէքեաթներ, աւանդական եւ ժողովրդական առասպելներ, դիցաբանական կամ ժողովրդական հերոսներ եւ կամ առակներ: Նաեւ  մեր կայքէջին յատուկ՝ նոր հէքեաթներ, նոյնիսկ նոր հերոսներ ստեղծելու աշխատեցանք, նկատելով՝  որ հինն ու նորը քով քովի՝ աւելի հրապուրիչ մթնոլորտ մը կը ստեղծեն:
 
Մեծ բծախնդրութեամբ ջանացինք պարզացնել լեզուն, ընտրելով՝ այն բառերը, որոնք մանուկը լսած ըլլայ իր առօրեայ կեանքին մէջ: Այս պատճառով, երբեմն ժամերով վիճաբանեցանք կարգ մը բառերու վրայ, որպէսզի գտնենք այդ բառերուն տեղ աւելի պարզ բառեր: Երբեմն ա՛լ գործածեցինք այն բառերը որոնք գիտէինք որ երախաներուն անծանօթ պիտի թուէին, սակայն ստիպուեցանք գործածել՝ գրութեան բուն արժէքն ու համը պահելու համար:
 
Իւրաքանչիւր հէքեաթ զարդարուեցաւ շարժուն գծանկարներով եւ  ձայնի սարքաւորումով, որպէսզի աւելի ուշագրաւիչ եւ հաճելի դառնայ երախաներուն համար:
 
 ՓՈՔՐԻԿը ունի նաեւ երգեր, բանաստեղծութիւններ, շուտասելուկներ, որոնցմէ տղաքը պիտի օգտուին իրենց ծնողքին կամ ուսուցիչներուն օժանդակութեամբ: